ԱՐՄԷՆ ԻՒՐՆԷՇԼԵԱՆ
Երկրորդելով Դոկտ. Իւրնէշլեանի իւրաքանչիւր բառն ու միտքը տեղ կու տանք իր սրտցաւ պոռթկումին: Յուսալով, որ ան կը հասնի առ, որ անկ է: Մեզի համար ալ մեծ ցաւ էր երէկ իմանալ Օրդ. Ճանճանեանի մահուան գոյժը, նամանաւանդ իր ատենի ասպարէզին պատասխանատուներուն կողմէ լքուած իրավիճակով:
«Խմբ.»
Օրիորդ Ճանճանեանն ալ գնաց անդենական:
Մահախօսական չէ ընելիքս: Վստահաբար վերջին վայրկեանին ինձմէ աւելի պերճախօսներ «գնա՛ մեռիր, եկու՛ր սիրեմ»-եան անուշ խօսքերով պիտի յիշեն ու դրուատեն իր տարիներու մանկավարժական վաստակը Դարուհիէն եւ Կարմիրեանէն ներս, իբրեւ ուսուցչուհի եւ տնօրէնուհի: Արժան եւ իրաւ: Կ’ենթադրեմ, որ դամբանախօսները «փափկանկատօրէն» լուռ անցնին անոր ապրած դառնութիւններուն վրայէն, թէեւ այդ փափկանկատութիւնը ուղղուած ըլլայ դառնութիւն պատճառողներուն, քան՝ դառնացողին: Եւ դառնութիւններուն վերջին հարուածը եղաւ քառասնամեայ անբասիր ծառայութենէ ետք, պաշտօնէ արձակումը հանգստեան կոչումի օրինական տարիքէն միայն 6 ամիս առաջ, անոր բոլոր հետեւանքներով:
Անցնող տասնամեակը մեծաքանակ մետալաբաշխումի շրջան մըն էր: Լամբակ չմնաց, որ չզարդարուեցաւ: Յաճախ մեծարուեցան անարժաններ, անտեսուեցան արժանիներ: Իսկական արժանիներէն էր նաեւ օրիորդ Ճանճանեանը:
Բարեբախտութիւն է, որ իր անձնական արժանիքներուն գիտակից անձը, իր գործին արդիւնքէն գոհունակութիւն ապրող մարդը մետալամոլութենէ չի տառապիր: Անոր շքանշանը անտեսանելի, բայց ադամանդէն աւելի տոկուն է, այդ մետալը ազգային պազարին մէջ գին չունի, որովհետեւ վեր է փերեզակային չափանիշերէ: Այդ մետալը Սէրն ու Յարգանքն է, որ կը բխի սիրտերէ, հոգիներէ: Օրիորդ Ճանճանեան նախագահական, նախարարական, հայրապետական մետալներ չստացաւ, արժանապատւութեան գիտակցութեամբ մերժեց մետասաներորդ պահու մեծարանքի հանդիսութեամբ զինք սիրաշահելու փորձերը: Ինք պէտք չունէր մեծարուելու ու շքադրուելու, որովհետեւ արդէն զարդարուած էր իր աշակերտներուն Սիրով եւ Յարգանքով: Մե՛նք պէտք ունէինք զինք պատուելու, իրեն շնորհակալութիւն յայտնելու: Մե՛նք, ո՛չ ինք:
Ուշ է այլեւս:
Երթաս բարո՛վ, սիրելի՛ օրիորդ Ճանճանեան: Սերունդներ ՍԻՐՈՎ պիտի յիշեն քեզ:






