Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

Հայաստանի Հետ Կը Պատրաստուի Փաստաթուղթ, Որ Կ՛երաշխաւորէ Անոնց Տարածքին Մէջ Օտարերկրեայ Զինուորականներու Բացակայութիւնը․ Լաւրով

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի հետ կը պատրաստուի փաստաթուղթ, որ կ՛երաշխաւորէ անոնց տարածքին մէջ օտարերկրեայ զինուորականներու բացակայութիւնը․ այսպիսի յայտարարութիւն ըրած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով` «Քոմսոմոլսկայա Փրաւտա» թերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին:

Լրագրողը նշած է, թէ «Խորհրդային նախկին հանրապետութիւններու մէջ երիտասարդութիւնը կը դաստիարակեն հակառուսական տրամադրութիւններով»: Ի պատասխան` Լաւրով նշած է․ «ԱՊՀ որեւէ երկրի մէջ մեր դիւանագէտներուն թիւը անգամներով փոքր է, քան Միացեալ Նահանգներունը»:

«Հայաստանի մէջ, ի դէպ, ամերիկացիներու դեսպանատունը թուակազմով երկրորդն է անոնց դեսպանութիւններու թիւով աշխարհի մէջ»,- նկատել տուած է լրագրողը:

«Անշուշտ, անոնք քանակական առաւելութիւն ունին: Մենք չենք կրնար, ինչպէս անոնք, հայելիի խամաճիկային կազմակերպութիւններ ստեղծենք: Եւ ճշմարիտ չէ, որ ԱՊՀ երկիրներու մէջ մենք չենք աշխատիր քաղաքական բոլոր ուժերու հետ: Կ՛աշատինք համակարգային բոլոր ընդդիմադիրներու հետ: Ոչ համակարգայիններու, ընդյատակեաներու հետ չենք աշխատիր: Մենք հաւանաբար յեղափոխութիւններէ դիմադրողականութիւն ձեռք բերած ենք: Մենք մէկ յեղափոխութիւն չէ, որ ապրած ենք, եւ այն չենք ցանկար որեւէ այլ երկրի համար: Այստեղ հարկաւոր է փափուկ ուժ, մշակոյթի, մարմնամարզութիւն, կրթութեան զարգացում»,- ըսած է Լաւրով:

Ան նշած է, որ Հայաստանի հետ կը նախապատրաստուի փաստաթուղթ, որ կ’երաշխաւորէ անոնց տարածքին մէջ օտարերկրեայ զինուորականներու բացակայութիւնը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին