«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Երկուշաբթի սիւննի հըզպալլայամէտ երեսփոխանները, որոնց ներկայացուցչութիւն ձեռք ձգելու պահանջը զգալիօրէն պատճառ դարձաւ կառավարութեան կազմաւորման յետաձգումին, դիտել տուին, թէ որեւէ նախաձեռնութիւն, որ չի ճանչնար նախարարական պաշտօն ձեռք ձգելու իրենց իրաւունքը, յաջողութիւն պիտի չունենայ:
Երեսփոխանները շնորհակալութիւն յայտնեցին նաեւ նախագահ Միշէլ Աունին՝ բեկումնային յառաջընթաց արձանագրելու ուղղութեամբ ներդրած ջանքերուն համար:






