Շաբաթ, 07. 06. 2025

spot_img

Պուտաբեշտի Մէջ Բողոքի Բազմահազարնոց Ցոյց Տեղի Ունեցած Է «Ստրկական Օրէնքի» Դէմ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հերթական անգամ հազարաւոր մարդիկ լոյս Դեկտեմբեր 17ի գիշերը Պուտաբեշտի փողոցներ դուրս եկած են ի նշան Վիքթոր Օրպանի կառավարութեան գործողութիւններուն, մասնաւորապէս վերջերս հաւանութեան արժանացած աշխատանքային օրէնսդրութեան շարք մը դրոյթներու դէմ բողոքի: Այդ մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, յայտնած է «Independent»ը:

Այդ ցոյցը արդէն չորրորդը դարձած է վերջին շաբթուան ընթացքին: Ցոյցի ընթացքին բողոքողներուն եւ ոստիկանութեան աշխատակիցներուն միջեւ բախումներ տեղի ունեցած են, այդ կարգին՝ Հունկարիոյ խորհրդարանի շէնքի մերձակայքը:

Ցոյցի մասնակիցները հրկիզիչ խառնուրդով շիշեր նետած են իրաւակարգի պահապաններուն վրայ, ի պատասխան ոստիկանները արտասուաբեր կազ կիրարկած են: Իրաւապահ մարմիններու տուեալներով՝ ընդհարումներու հետեւանքով վիրաւորուած են մի քանի ոստիկաններ: Բողոքի ցոյցերու մասնակիցներուն մօտ տուժածներու վերաբերեալ տեղեկութիւններ չեն նշուիր: Ցոյցի մասնակիցները դժգոհ են, մասնաւորապէս, վերջերս հաւանութեան արժանացած օրէնքէն, որ թոյլատրելի արտաժամեայ աշխատանքի յաւելում կը նախատեսէ տարեկան մինչեւ 400 ժամ:

Բացի այդ՝ ցոյցերը տեղի կ’ունենան նաեւ ի նշան վարչական գործերու նոր դատարաններու ստեղծման վերաբերեալ անցած շաբաթ ընդունուած օրէնքի դէմ բողոքի, որոնք պիտի գտնուին երկրի կառավարութեան հսկողութեան ներքոյ: Նոր ատեաններու լիազօրութիւններուն մէջ պիտի մտնէ ընտրական գործընթացի, բողոքներու եւ փտածութեան հետ կապուած հարցերու քննարկումը: Այդ նախաձեռնութեան քննադատները կը յայտնեն, որ կառավարութիւնը պիտի փորձէ նշանակել երկրի ղեկավարութեան օրինապահ դատաւորներ: Դիտորդները կը նշեն, որ Հունկարիոյ մէջ տեղի ունեցող այս ցոյցերը կը յիշեցնեն «դեղին բաճկոնաւորներու» շարժումին՝ արդէն մէկ ամիսէն աւելի Ֆրանսայի մէջ շարունակուող բողոքի ցոյցերը, հաղորդած է «Ինթերֆաքս»ը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին