Հինգշաբթի, 26. 02. 2026

spot_img

Ոստիկանները Մեկնեցան Մարտական Դիրքեր

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ոստիկանութեան զօրքերու 1033 զօրամասի բակին մէջ կանգնած ոստիկանները ժամեր անց կրկին սահման կը մեկնին` պահելու մարտական դիրքը: Անոնց ճանապարհելու հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ եղաւ ՀՀ ոստիկանութեան պետ Վալերի Օսիպեանը:

Ան բարի ծառայութիւն մաղթեց զինծառայողներուն եւ նշեց, որ զօրախումբը արդէն երկրորդ անգամ կը մեկնի սահման եւ ինչպէս այն ժամանակ, այս անգամ ալ պատուով պիտի վերադառնայ:

Աւանդոյթի համաձայն՝ սահման մեկնելէ առաջ ոստիկանները երդուեցան եւ աղօթեցին:

1033 զօրամասի ոստիկանները մեկնեցան, իսկ 1032 զօրամասի ոստիկանները մարտական առաջադրանքը փայլուն կատարած` վերադարձան, կը հաղորդէ «Երկիր մետիա»-ն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին