Հինգշաբթի, 26. 02. 2026

spot_img

Արցախի Մէջ Զինծառայող Մը Վիրաւորուած է

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Արցախի պաշտպանութեան բանակի հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ, Դեկտեմբեր 16-ին, ժամը 15:50-ի սահմաններուն, հրազէնով վիրաւորուած է ՊԲ զինծառայող, 1999-ի ծնունդ Ռաֆիկ Յակոբի Վահանեանը:

Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի ՊԲ-էն:

«Վիրաւորուած զինծառայողը անմիջապէս տեղափոխուած է զինուորական հիւանդանոց, անոր վիճակը կը գնահատուի միջին ծանր: Դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն»,- նշուած է գերատեսչութեան հաղորդագրութեան մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին