«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Տեղեկատուական նախարարի պաշտօնակատար Մըլհեմ Ռիաշի շեշտեց արաբական լրատուամիջոցներու խաղացած նշանակալի դերակատարութիւնը ահաբեկչութեան դէմ պայքարի մէջ: Այս մասին Կիրակի երեկոյեան անդրադարձաւ Ռիաշի Ռիատի մէջ տեղի ունեցած միջոցառումի ժամանակ:
Յայտնենք, որ Ռիաշի իր գլխաւորած պատուիրակութեամբ այժմ կը գտնուի Սէուտական Արաբիա՝ մասնակցելու Տեղեկատուական նախարարներու արաբական խորհուրդի կողմէ ընթացիկ տարուան Մայիսին Ռիատի՝ 2018 – 2019 արաբական լրատուադաշտի մայրաքաղաքի հռչակման նուիրուած շարք մը միջոցառումներուն:






