Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

Արմէն Սարգսեան Հանդիպած է Վրաստանի Վարչապետին Հետ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան այսօր Թիֆլիսի մէջ առանձնազրոյց ունեցած է Վրաստանի վարչապետ Մամուքա Պախթաձէի հետ:

Մամուքա Պախթաձէ շնորհակալութիւն յայտնած է Արմէն Սարգսեանին Վրաստանի նորընտիր նախագահին երդմնակալութեան արարողութեան մասնակցելու համար, կը հաղորդէ նախագահի մամուլի գրասենեակը:

 Արմէն Սարգսեան նշած է, որ իրեն համար պատիւ է Վրաստանի համար այս կարեւոր իրադարձութեան ատեն գտնուիլ հարեւան ու բարեկամ երկրին մէջ:

 Հայաստանի նախագահը ու Վրաստանի վարչապետը մտքեր փոխանակած են հայ-վրացական յարաբերութիւններու ներկայ օրակարգի շուրջ` ընդգծելով համագործակցութիւնը տարբեր ոլորտներու մէջ խորացնելու կարեւորութիւնը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին