«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վրաստանի նախագահ ընտրուած Սալոմէ Զուրապիշվիլին Դեկտեմբեր 16ին ստանձնեց պետութեան ղեկավարի պաշտօնը։ Երդմնակալութեան արարողութիւնը կայացած է Իրաքլի Բ. թագաւորի (1720-1798) նստավայրին մէջ, կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը՝ վկայակոչելով «ԹԱՍՍ»ը։
«Ես՝ Վրաստանի նախագահս, Աստուծոյ եւ ժողովուրդին առջեւ կը յայտարարեմ, որ կը պահպանեմ երկրի սահմանադրութիւնը եւ անկախութիւնը, անոր միասնութիւնն ու անբաժանութիւնը, բարեխղճօրէն կը կատարեմ նախագահի պարտականութիւններս, հոգ կը տանիմ քաղաքացիներու անվտանգութեան եւ անոնց բարօրութեան, իմ ժողովուրդիս եւ հայրենիքիս վերածնունդին եւ փառքին մասին»,- նշած է 66ամեայ Զուրապիշվիլին երդմնակալութեան։
Արարողութեան ներկայ եղած են տեղացի եւ օտարերկրացի 1800 հիւր, այդ կարգին՝ 55 երկիրներու պատուիրակութիւններէն։ Ֆրանսայի պատուիրակութիւնը, երկրի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի որոշմամբ, գլխաւորած է նախկին նախագահ Նիքոլա Սարքոզին։ Հայաստանը ներկայացուցած է երկրի նախագահ Արմէն Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։
Արարողութիւնը անցած է Վրաստանի իշխանութեան, հոգեւոր դասի եւ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու ներկայութեամբ:






