«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրի Շաբաթ երեկոյեան Միացեալ Թագաւորութիւն կատարած պաշտօնական այցէն վերադարձաւ Պէյրութ, մինչ կառավարութեան կազմաւորման խնդիրը կը մնայ անլոյծ: Այս մասին կը հաղորդէ Հարիրիի տեղեկատուական գրասենեակը:
Նշենք, որ Հարիրիի՝ Միացեալ Թագաւորութիւն այցելութեան նպատակն էր մասնակցիլ Լիբանան-Միացեալ Թագաւորութիւն առեւտրական եւ ներդրումային ժողովին, որ տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի: Յիշեցնենք, որ վարչապետի պաշտօնակատարը Հինգշաբթի յոյս յայտնած էր, որ կառավարութեան կազմաւորումը պիտի իրականանայ նախքան տարեվերջը:






