«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Կիրակի Իսրայէլի բանակը յայտարարեց Հըզպալլա կուսակցութեան ապօրինաբար փորած չորրորդ ներքնուղին՝ հարաւային Լիբանանէն Իսրայէլ տանող ներքնուղիներ յայտնաբերելու եւ անցափակելու ուղղութեամբ մեկնարկած գործողութիւններէն երկու շաբաթ ետք:
Շարք մը յայտարարութիւններու մէջ Իսրայէլի բանակի արաբերէնի խօսնակ Ավիչայ Ատրայէ շաբաթավերջին յայտնեց, որ ռազմայինները դէպի հիւսիսային Իսրայէլ տանող մէկ այլ ներքնուղի յայտնաբերած են:






