Հինգշաբթի, 26. 02. 2026

spot_img

«Business Insider»ը Ներկայացուցած Է Աշխարհի Ուժեղագոյն Բանակներու Վարկանշային Ցանկը

«Business Insider» գործակալութեան կազմած՝ աշխարհի ուժեղագոյն բանակներու վարկանշային ցանկը կը գլխաւորէ ԱՄՆ զինուած ուժերը:

Ամերիկեան բանակին մէջ կը ծառայէ 2 միլիոն հոգի: Միացեալ Նահանգներու զինուժին մէջ ներգրաւուած են 13 հազար ինքնաթիռ, 5.9 հազար հրասայլ եւ 415 նաւ: Ռազմական պիւտճէն 647 միլիառ տոլար է:

Երկրորդ հորիզոնականը կը զբաղեցնէ Ռուսիան, որուն բանակին մէջ 3.5 միլիոն զինծառայող կայ: Ռուսական զինուած ուժերուն մէջ ներգրաւուած են մօտ 4 հազար ինքնաթիռ, աւելի քան 20 հազար հրասայլ եւ 352 նաւ: Ռազմական պիւտճէն 47 միլիառ տոլար է:

 Առաջատարներու եռեակը կ’եզրափակէ Չինաստանը: Չինաստանի ժողովրդաազատագրական բանակին մէջ կը ծառայէ 2.7 միլիոն հոգի: Չինաստանի զինուած ուժերու տրամադրութեան տակ կայ 7.7 հազար հրասայլ, 3 հազար ինքնաթիռ եւ 714 նաւ: Ռազմական պիւտճէն 151 միլիառ տոլար է:

 Առաջատարներու տասնեակին մէջ ընդգրկուած են նաեւ Հնդկաստանը, Ֆրանսան, Մեծն Բրիտանիան, Հարաւային Քորէան, Ճափոնը, Թուրքիան եւ Գերմանիան: Վարկանշային ցանկը կազմելու ժամանակ հաշուի առնուած են տարբեր ցուցանիշներ՝ ներառեալ զինատեսակներու բազմազանութիւնը, զօրաշարժի ներուժը եւ արդիւնաբերութեան զարգացման մակարադակը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին