«Business Insider» գործակալութեան կազմած՝ աշխարհի ուժեղագոյն բանակներու վարկանշային ցանկը կը գլխաւորէ ԱՄՆ զինուած ուժերը:
Ամերիկեան բանակին մէջ կը ծառայէ 2 միլիոն հոգի: Միացեալ Նահանգներու զինուժին մէջ ներգրաւուած են 13 հազար ինքնաթիռ, 5.9 հազար հրասայլ եւ 415 նաւ: Ռազմական պիւտճէն 647 միլիառ տոլար է:
Երկրորդ հորիզոնականը կը զբաղեցնէ Ռուսիան, որուն բանակին մէջ 3.5 միլիոն զինծառայող կայ: Ռուսական զինուած ուժերուն մէջ ներգրաւուած են մօտ 4 հազար ինքնաթիռ, աւելի քան 20 հազար հրասայլ եւ 352 նաւ: Ռազմական պիւտճէն 47 միլիառ տոլար է:
Առաջատարներու եռեակը կ’եզրափակէ Չինաստանը: Չինաստանի ժողովրդաազատագրական բանակին մէջ կը ծառայէ 2.7 միլիոն հոգի: Չինաստանի զինուած ուժերու տրամադրութեան տակ կայ 7.7 հազար հրասայլ, 3 հազար ինքնաթիռ եւ 714 նաւ: Ռազմական պիւտճէն 151 միլիառ տոլար է:
Առաջատարներու տասնեակին մէջ ընդգրկուած են նաեւ Հնդկաստանը, Ֆրանսան, Մեծն Բրիտանիան, Հարաւային Քորէան, Ճափոնը, Թուրքիան եւ Գերմանիան: Վարկանշային ցանկը կազմելու ժամանակ հաշուի առնուած են տարբեր ցուցանիշներ՝ ներառեալ զինատեսակներու բազմազանութիւնը, զօրաշարժի ներուժը եւ արդիւնաբերութեան զարգացման մակարադակը:






