«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Երէկ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ժպրան Պասիլ յոյս յայտնեց, որ նոր կառավարութիւնը որպէս ամանորեայ նուէր պիտի կազմաւորուի երկրին համար:
«Մենք պէտք է գիտակցինք նոր կառավարութեան արժէքը, որովհետեւ եթէ կորսնցնենք անոր արժէքը, կրնայ խնդիր դառնալ եւ ոչ թէ նուէր»,- ըսաւ Ժպրան Պասիլ Մարժաայուն շրջանի մէջ տեղի ունեցած ամանորեայ ձեռնարկի ժամանակ:






