Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

ՀՀ Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովի Որոշում. Նորընտիր Խորհրդարանին Մէջ «Իմ Քայլը» Դաշինքը Կ’ունենայ 88, ԲՀԿն՝ 26, ԼՀԿն՝ 18 Աթոռ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  «Իմ քայլը» դաշինքը Ազգային ժողովի՝ Դեկտեմբեր 9ին կայացած արտահերթ ընտրութիւններուն արդիւնքներուն համաձայն՝ կը ստանայ պատգամաւորի 88 աթոռ, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը՝ 26, եւ «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւնը՝ 18 աթոռ։ «Իմ քայլը» դաշինքի չորս աթոռը կը ստանայ Հայաստանի եզիտի, ռուս, ասորի եւ քիւրտ ազգային փոքրամասնութիւններու 1ական ներկայացուցիչ։ Համապատասխան որոշումը հաստատուած է ՀՀ կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի Դեկտեմբեր 16ի նիստին։ Միաժամանակ, «Իմ քայլը» դաշինքի 42ական պատգամաւոր ընտրուած են համապետական եւ տարածքային ընտրական ցուցակներով, ԲՀԿի պարագային՝ 13ական, եւ ԼՀԿի պարագային՝ 9ական։

Ինչպէս կը տեղեկացնեն ՀՀ ԿԸՅ պաշտօնական կայքէն, մէկ այլ որոշմամբ յանձնաժողովը որոշում ընդունած է վերոնշեալ ընտրութիւններու արդիւնքներուն վերաբերեալ՝ նշելով, որ «Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի 2018 թուականի Դեկտեմբեր 9ին կայացած արտահերթ ընտրութիւններու նախապատրաստման եւ քուէարկութեան ընթացքին տեղի չեն ունեցած Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրական օրէնսգիրքի այնպիսի խախտումներ, որոնք կրնային ազդել ընտրութեան արդիւնքին վրայ»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին