Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

Սալոմէ Զուրապիշվիլին Ստանձնեց Վրաստանի Նախագահի Պաշտօնը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Վրաստանի նախագահ ընտրուած Սալոմէ Զուրապիշվիլին Դեկտեմբեր 16ին ստանձնեց պետութեան ղեկավարի պաշտօնը։ Երդմնակալութեան արարողութիւնը կայացած է Իրաքլի Բ. թագաւորի (1720-1798) նստավայրին մէջ, կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը՝ վկայակոչելով «ԹԱՍՍ»ը։

«Ես՝ Վրաստանի նախագահս, Աստուծոյ եւ ժողովուրդին առջեւ կը յայտարարեմ, որ կը պահպանեմ երկրի սահմանադրութիւնը եւ անկախութիւնը, անոր միասնութիւնն ու անբաժանութիւնը, բարեխղճօրէն կը կատարեմ նախագահի պարտականութիւններս, հոգ կը տանիմ քաղաքացիներու անվտանգութեան եւ անոնց բարօրութեան, իմ ժողովուրդիս եւ հայրենիքիս վերածնունդին եւ փառքին մասին»,- նշած է 66ամեայ Զուրապիշվիլին երդմնակալութեան։

Արարողութեան ներկայ եղած են տեղացի եւ օտարերկրացի 1800 հիւր, այդ կարգին՝ 55 երկիրներու պատուիրակութիւններէն։ Ֆրանսայի պատուիրակութիւնը, երկրի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի որոշմամբ, գլխաւորած է նախկին նախագահ Նիքոլա Սարքոզին։ Հայաստանը ներկայացուցած է երկրի նախագահ Արմէն Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։

Արարողութիւնը անցած է Վրաստանի իշխանութեան, հոգեւոր դասի եւ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու ներկայութեամբ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին