«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ երեկոյեան մասնակցած է Վրաստանի նորընտիր նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի անունով՝ ի պատիւ Վրաստան ժամանած բարձրաստիճան պատուիրակութիւններու տրուած պաշտօնական ընթրիքին: Այս մասին կը տեղեկացնեն Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն:






