Ցեղասպանութիւն 100 + 3
ԹԱԼԱԼ ԽՐԱՅՍ
Իտալիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ Հռոմի մէջ տեղի ունեցաւ «Հայոց ցեղասպանութեան յիշողութիւն եւ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլումը» խորագրով համաժողովը, որ կազմակերպուած էր ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին համաձայնագիրի եւ Մարդու իրաւունքներու հռչակագիրի 70ամեակի առթիւ:
Իտալիոյ մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վիքթորիա Պաղտասարեան իր ելոյթին մէջ նշեց, որ թէեւ աւելի քան 100 տարի անցած է 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութենէն, սակայն այսօր ալ մեր աչքին առջեւ կատարուող ցեղային եւ կրօնական խումբերու նկատմամբ ինքնութեամբ պայմանաւորուած յանցագործութիւնները ցոյց կու տան, որ աշխարհը զերծ չէ այս նողկալի արհաւիրքէն: «Միջազգային հանրութեան համար սա հերթական ահազանգն է, որ ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու վտանգը ամենեւին չէ վերացած եւ կը պահանջէ միջազգային կառոյցներու, պետութիւններու եւ քաղաքացիական հասարակութեան համախմբուած եւ հետեւողական քայլեր»,- ընդգծեց դեսպանը:
Դեսպանը անդրադարձաւ նաեւ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման հարցին մէջ միջազգային բարձր ամպիոններու վրայ Հայաստանի նախաձեռնութիւններու եւ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային դատապարտման ու ճանաչման կարեւորութեան: «Մարդկութեան դէմ նմանօրինակ յանցագործութիւնները կը պահանջեն համընդհանուր գործողութիւններ միջազգային կառոյցներու եւ քաղաքացիական հանրութեան կողմէ: Հարկ է ընդգծել, որ ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կրկնութեան պատճառները միասնականութեան, ցեղասպանութիւններու ճանաչման եւ դատապարտման վճռականութեան եւ հետեւողականութեան բացակայութիւնն է»,- նկատեց ան:
Վիքթորիա Պաղտասարեան յաւելեց նաեւ, որ հայերը՝ որպէս ցեղասպանութեան սարսափները վերապրած ժողովուրդ, բարոյական պատասխանատուութիւն կը զգան՝ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման կարեւորութեան հարցը բարձրացնելու համար:
Բանախօսներու շարքին էին հայազգի գրող, «Արտոյտներու ագարակը» վէպի հեղինակ Անթոնիա Արսլանը, Հռոմի հայրապետական արեւելագիտութեան համալսարանի կանոնիկ իրաւունքի բաժնի փրոֆէսոր հայր Ճորճ Հենրի Ռույսենը, Սիենայի համալսարանի մարդու իրաւունքներու պատմութեան փրոֆէսոր Մարչելօ Ֆլորեսը, Միլանի գիտութիւններու համալսարանի հանրային իրաւունքի հիմնարկներու փրոֆէսոր Պարպարա Ռանտացօն, Միլանի համալսարանի հայոց լեզուի փրոֆէսոր Պայքար Սիվազլեանը, ինչպէս նաեւ քաղաքական, մշակութային, կրօնական այլ գործիչներ եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:
Հռոմ