Կիրակի, 03. 12. 2023

spot_img

ՀՀ Նախագահ Սարգսեան Վրաստանին Ու Նոր Նախագահին Յաջողութիւններ Մաղթած Է

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Վրաստանի Թելավի քաղաքին մէջ Իրաքլի Բ.ի պալատէն ներս երէկ ներկա գտնուած է Վրաստանի նորընտիր նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի երդմնակալութեան պաշտօնական արարողութեան:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ մինչ արարողութիւնը պատասխանելով լրագրողի հարցին՝ նախագահ Սարգսեան մասնաւորապէս նշած է. «Հայաստանն ու Վրաստանը, ինչպէս նաեւ մեր երկու ժողովուրդները հազարաւոր տարիների բարեկամական  ու եղբայրական յարաբերութիւններ ունեն։ Մենք իսկապէս եղբայրական ժողովուրդներ ենք։ Աւելի քան բնական է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը       պէտք է այսօր ներկայ լինէր այստեղ, երբ Վրաստանը նոր նախագահ է ընտրել։

Շնորհաւորում եմ Վրաստանին, երկրի նախագահին։ Վրաստանին ու նոր նախագահին առաջիկայ տարիներին յաջողութիւններ եմ մաղթում։

Ակնկալում եմ աշխատել Վրաստանի նախագահի, կառավարութեան ու խորհրդարանի, ամենակարեւորը՝ ժողովրդի հետ՝ առաւել ամրապնդելու մեր յարաբերութիւնները»:

Միջոցառումի ծիրէն ներս նախագահ Սարգսեան նաեւ կարճատեւ զրոյցներ ունեցած է երդմնակալութեան արարողութեան մասնակցող պատուիրակութիւններու ղեկավարներուն եւ շարք մը հիւրերու հետ։

Նշենք, որ  Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի գլխաւորած պաշտօնական պատուիրակութիւնը երէկ առաւօտ ժամանած էր Վրաստան՝ մասնակցելու նորընտիր նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի երդմնակալութեան արարողութեան:

Ինչպէս հաղորդած էր «Արմէնփրես»ը, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն տեղեկացուցած էին, որ այցի ընթացքին նախատեսուած են նախագահ Արմէն Սարգսեանի երկկողմ հանդիպումները Վրաստանի բարձրագոյն ղեկավարութեան եւ արարողութեան մասնակցելու նպատակով ժամանած հիւրերու հետ: 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին