Արցախի Պաշտպանութեան Բանակը՝ Նոր Հրամանատարական Կազմով Եւ Հին Մարտահրաւէրներով
Արցախի Նախագահը Դեկտեմբեր 14ին պաշտպանութեան բանակ այցելած է՝ հրամանատարական կազմի մէջ կատարուած փոփոխութիւնները ներկայացնելու համար: Պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեան ազատուած է պաշտօնէն: Նախագահը բարձր գնահատած է Մնացականեանի աւանդը պաշտպանութեան բանակի զարգացման գործին մէջ: «Ուզում եմ իմ եւ Արցախի ժողովրդի շնորհակալութիւնը յայտնել գեներալ Մնացականեանին՝ այդ անմնացորդ, նուիրական ծառայութիւնը մատուցելու համար»,- ընդգծած է Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանը:
Նախագահ Սահակեան պաշտպանութեան բանակի բարձրագոյն հրամանատարական կազմին ներկայացուցած է իր ստորագրած հրամանագիրով պաշտպանութեան նախարար- պաշտպանութեան բանակի հրամանատար նշանակուած Կարէն Աբրահամեանին: Արցախի մէջ հաւատարիմ են հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման յանձնառութեան, բայց եթէ հակառակորդը սադրանքի դիմէ, ՊԲն պէտք է միայն յառաջ շարժի. շնորհաւորանքի հետ նաեւ յանձնարարականը ստացաւ նորանշանակ նախարարը: «Ես յաջողութիւն եմ ցանկանում գեներալ Աբրահամեանին ՊԲ հրամանատարի պաշտօնը ստանձնելուց՝ այդ նշուած խնդիրները բարձր պատասխանատուութեամբ կատարելու համար»,- անգամ մը եւս շեշտած է Բակօ Սահակեան: Պաշտպանութեան նորանշանակ նախարար Կարէն Աբրահամեան վստահեցուցած է՝ այդպէս ալ կ’ըլլայ. «Կ’ուզեմ նշել, որ ես եւ մեր բանակի հրամանատարութիւնը ամէն ինչ պիտի ընենք, որ պահպանենք այն յաջողութիւնները, զորս արձանագրած ենք եւ շարժինք յառաջ, դէպի զարգացում»:
Կարէն Աբրահամեան մինչ այդ Արցախի պաշտպանութեան բանակի հրամանատարի առաջին տեղակալ-հրամանատարակազմի պետն էր: Իր փոխարէն այդ պաշտօնին նշանակուած է գնդապետ Ջալալ Յարութիւնեանը՝ ՊԲ զօրամասերէն մէկուն հրամանատարը: «Կը վստահեցնեմ ձեզի, զինուած ուժերու հրամանատարութեան, որ բանակի հրամանատարակազմը, իմ գլխաւորութեամբս, ջանք ու եռանդ պիտի չխնայէ: Անձնուիրաբար կը կատարէ այն խնդիրները, այն առաջադրանքները, զորս կը յանձնարարէ զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատարակազմը, ՊԲ հրամանատարը»,- արդէն որպէս պաշտպանութեան բանակի հրամանատարակազմի պետ կը վստահեցնէ Ջալալ Յարութիւնեանը:
Հիմնադրման օրէն առ այսօր հայկական զինուած ուժերու խնդիր մէկ է եւ ընդհանուր, ըլլայ այդ Արցախի Հանրապետութեան, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններուն, կ’ընդգծէ հայկական երկու Հանրապետութիւններու զինուած ուժերու գործակցութեան եւ գործողութիւններու համադրման ծրագրի ծիրէն ներս Արցախ գտնուող ՀՀ ԶՈՒ գլխաւոր հրամանատարակազմի պետը: «Ատիկա հայ ժողովուրդի անվտանգութեան ապահովումն է, մեր երկու պետութիւններու սահմաններուն անձեռնմխելիութեան ապահովումն է: Եւ մենք պատրաստ ենք հետագային շարունակելու այս վիճակը, ինչպէս մինչեւ այսօր իրականացուցած ենք»,- կը կարեւորէ ՀՀ զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատարակազմի պետ Արտակ Դաւթեանը:
Լեւոն Մնացականեանը ՊԲ անձնակազմին հրաժեշտի ուղերձ յղած է: «Ես թողնում եմ պաշտպանութեան բանակի հրամանատարի պաշտօնը: Անչափ հպարտ եմ, որ ծառայել եւ հարկ եղած դէպքում պատրաստակամ եմ լինելու կրկին իմ ծառայութիւնը բերել այն բանակի շարքերում, որն իր մարտունակութեամբ եղել է, կայ եւ շարունակելու է մնալ մեր ժողովրդի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան գլխաւոր երաշխաւորը: Ուզում եմ նաեւ հաւաստիացնել, որ իմ համար մեծ պատիւ էր տարիներ շարունակ զինակցել բոլոր այն շարքայիններին, ենթասպաներին, սպաներին եւ գեներալներին, ովքեր իրենց բարեխիղճ ծառայութեամբ օրէցօր ամրապնդել ու հզօրացրել են մեր պաշտպանական համակարգը: Լիայոյս եմ, որ այսուհետ եւս ձեր իւրաքանչիւրիդ մօտ իշխելու է մեր երկիրն առաւել պաշտպանուած ու անվտանգ պահելու անկոտրում կամքն ու վճռականութիւնը: Ձեր գործողութիւններում եղէք ներդաշնակ, փոխըմբռնող եւ, որ շատ կարեւոր է՝ հայրենեաց պաշտպանի առաքելութեանը հաւատարիմ»,- ըսուած է Լեւոն Մնացականեանի հրաժեշտի ուղերձին մէջ: Պատասխանատու պաշտօնին զինքը փոխարինողներուն ալ անփորձանք ծառայութիւն մաղթած է:
Ի դէպ, արդէն յայտնի է, թէ Լեւոն Մնացականեանը ո՛ւր պիտի շարունակէ ծառայութիւնը: Նախագահի հաստատած կառավարութեան որոշմամբ՝ ան նշանակուած է Արցախի Հանրապետութեան արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան տնօրէն: Բակօ Սահակեանի հրամանագրով՝ ծառայութեան նախկին ղեկավար Կարէն Սարգսեանը նշանակուած է Արցախի նախագահի ներկայացուցիչ յատուկ յանձնարարութիւններու գծով:
Ստեփանակերտ