Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

Ռուսիա Կ՛ակնկալէ ԼՂ Հակամարտութեան Կարգաւորման Բանակցութիւններու Վերսկսումը Հայաստանի Նոր Կառավարութեան Ձեւաւորումէն Ետք

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Ռուսիա կ՛ակնկալէ, որ Հայաստանի մէջ կայացած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներով կառավարութեան ձեւաւորումէն ետք Հայաստանն ու Ատրպէյճանը վերսկսին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւնները: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, վկայակոչելով ԹԱՍՍ-ը, այս մասին Պաքուի մէջ սկիզբ առած Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստի ընթացքին ըսած է ՌԴ ԱԳ նախարար Սերգէյ Լաւրով:

«Երեկ ես շարունակական եւ մանրամասն զրոյց ունեցած եմ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Մենք զգացած ենք բանակցութիւնները վերսկսելու եւ կառուցողական  հանգուցալուծում գտնելու անոր անկեղծ տրամադրուածութիւնը: Ռուսիան որպէս Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մտերիմ գործընկեր  եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիր`  պիտի ընէ ամէն ինչ փոխզիջման հասնելու  անհրաժեշտ պայմաններ ստեղծելու համար»,- ըսած է Լաւրով:

Լաւրով յիշեցուցած է, որ նախապէս տեղի ունեցած են շփումներ երկու երկիրներու ղեկավարներու եւ արտաքին գերատեսչութիւններու ղեկավարներու միջեւ, սակայն անոնք կայացած են մինչեւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւնները: «Հիմա, երբ այդ փուլը արդէն անցեալի մէջ է, կը սպասուի կառավարութեան ձեւաւորումը, որմէ ետք, ես կը կարծեմ, հայկական կողմը պատրաստ պիտի ըլլայ ատրպէյճանցիներու, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն հետ վերսկսելու բանակցային գործընթացը»,- աւելցուցած է ՌԴ ԱԳ նախարարը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին