Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

Պաշտօնանկութիւններ եւ Նոր Նշանակումներ Արցախի Կառավարութեան Մէջ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան ստորագրած է հրամանագիր, որու համաձայն` զօրավար Լեւոն Մնացականեան հեռացուած է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար–պաշտպանութեան բանակի հրամանատարի պաշտօնէն:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը, նախագահ Սահակեանի ստորագրած մէկ այլ հրամանագիրով` զօրավար Կարէն Աբրահամեան նշանակուած է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար–պաշտպանութեան բանակի հրամանատար` ազատուելով Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի N 19916 զօրամասի հրամանատարի առաջին տեղակալ-շտապի պետի պաշտօնէն:

Արցախի նախագահի հրամանագիրով` գնդապետ Ջալալ Յարութիւնեան նշանակուած է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի N 19916 զօրամասի հրամանատարի առաջին տեղակալ-շտապի պետ` ազատուելով Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի N 42009 զօրամասի հրամանատարի պաշտօնէն:

ԱՀ նախագահ Բակօ Սահակեանի հրամանագիրով` Լեւոն Մնացականեան նշանակուած է Արցախի Հանրապետութեան արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան տնօրէն:

Նախագահի հրամանագիրին մէջ կ՛ըսուի. «Նախագահի հաստատած կառավարութեան որոշումով` Կարէն Սարգսեան հեռացուած է Արցախի Հանրապետութեան արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան տնօրէնի պաշտօնէն”:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին