«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Սապաա կուսակցութեան տասնեակ զօրակիցներ երէկ առաւօտեան ժամը 8ին աշխատանքի, ընկերային հարցերու եւ արդիւնաբերութեան նախարարութիւններու կեդրոնատեղիներուն առջեւ, կանխելով պաշտօնեաներու մուտքը, բողոքեցին ընդդէմ կառավարութեան կազմաւորման յետաձգումին: Բողոքի ցոյցի ժամանակ մէկ ցուցարար վիրաւորուեցաւ, երբ ոստիկանութիւնը փորձեց ցրել բազմութիւնը:






