«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան ցաւակցական հեռագիր յղած է Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին՝ Սթրասպուրկի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան զոհերուն կապակցութեամբ:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ հեռագիրին մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է. «Խորը վշտով տեղեկացայ Սթրասպուրկի Սուրբ ծննդեան շուկայի հրաձգութեան՝ ահաբեկչական ակտի մասին, որը հարուածեց Ֆրանսիային` պատճառելով զոհեր եւ վիրաւորներ: Խորին եւ անկեղծ ցաւակցութիւն եմ յայտնում Ձեզ, Ֆրանսիայի ժողովրդին եւ զոհուածների ընտանիքներին՝ մաղթելով տոկունութիւն եւ համբերութիւն: Այս դժուար պահին Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդը կանգնած է բարեկամ Ֆրանսիայի կողքին»:






