«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրի որեւէ կերպ պիտի չփոխէ իր դիրքորոշումը Հըզպալլայի եւ սիւննի հըզպալլայամէտ երեսփոխաններու՝ յառաջիկայ կառավարութեան մէջ ներկայացուցչութիւն ձեռք ձգելու համար գործադրած ճնշումներուն ներքոյ: Այս մասին երէկ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ ըսաւ Մուսթաքպալ շարժումի գլխաւոր քարտուղար Ահմատ Հարիրի:
«Հարիրիէն կը պահանջուի ենթարկուիլ Հըզպալլայի եւ սիւննի հըզպալլայամէտ երեսփոխաններու կամքին: Ասիկա պիտի չիրականանայ ո՛չ այսօր, ո՛չ վաղը, ո՛չ ալ հարիւր տարի ետք»,- ըսաւ Ահմատ Հարիրի՝ վարչապետի պաշտօնակատարի զարմիկը, Թրիփոլիի մէջ միջոցառումի ժամանակ:






