Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

Էրտողան Յայտարարած Է, Որ Անկախ ԱՄՆի Կոչերէն, Թուրքիոյ ԶՈՒն Պիտի Մտնէ Մանպիժ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ անկախ ԱՄՆի կոչերէն, Թուրքիոյ զինուած ուժերը պիտի մտնեն Սուրիոյ քրտաբնակ Մանպիժ քաղաքը: Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, կը յայտնեն թրքական լրատուամիջոցները:

Էրտողան շեշտած է, թէ քանի որ ԱՄՆը չէ կատարած իր խոստումները, Թուրքիոյ ԶՈՒն պէտք է անյապաղ մտնէ Մանպիժ եւ այնտեղէն դուրս հանէ քիւրտ զինեալներուն:

«Ես բացայայտ կ’ըսեմ, որ պէտք է մտնենք Մանպիժ եւ մաքրենք զայն: Մենք շատ ժամանակ կորսնցուցած են Եփրատի արեւելքը ահաբեկչական խմբաւորումներու դէմ պայքարի մէջ: Արդէն չենք կրնայ նոյնիսկ մէկ օր ուշանալ»,- յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահը:

Փենթակոնը «անընդունելի» որակած է սուրիական Մանպիժի մէջ թրքական ԶՈՒ ծրագրուող գործողութիւնները: Փենթակոնի մամուլի քարտուղար Շոն Ռոպերթսոնը Թուրքիոյ յիշեցուցած է, որ Մանպիժի մէջ ամերիկացի զինուորականներ կան:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Դեկտեմբեր 12ին յայտնած էր, որ երկրի զինուած ուժերը կը պատրաստուին յառաջիկայ օրերուն նոր ռազմական գործողութիւններ իրականացնել Սուրիոյ տարածքին:
Ռազմական գործողութիւնները կը ծրագրուի իրականացնել  Եփրատ գետի արեւելեան ափին տեղակայուած քրտական ուժերուն դէմ: Էրտողան միեւնոյն ժամանակ նշած էր, որ թրքական ԶՈՒի թիրախը պիտի ըլլան ոչ թէ ամերիկացի զինուորները, այլ քիւրտերը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին