Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

Բակօ Սահակեան Պաշտպանութեան Բանակի Հրամանատարական Կազմին Ներկայացուցած Պաշտպանութեան Նորանշանակ Նախարարը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Դեկտեմբեր 14-ին այցելած է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւն: Ինչպէս կը տեղեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը, նախագահը Պաշտպանութեան բանակի բարձրագոյն հրամանատարական կազմին ներկայացուցած է պաշտպանութեան նախարար – պաշտպանութեան բանակի հրամանատար նշանակուած զօրավար Կարէն Աբրահամեանը եւ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի N 19916 զօրամասի հրամանատարի առաջին տեղակալ-շտապի պետ նշանակուած գնդապետ Ջալալ Յարութիւնեանը:

Նախագահը բարձր գնահատած է Կարէն Աբրահամեանի եւ գնդապետ Ջալալ Յարութիւնեանի մասնագիտական ու մարդկային որակները, անցած ուղին, համոզում յայտնելով, որ անոնք պատշաճ մակարդակով պիտի իրականացնեն իրենց պարտականութիւնները, եւ մաղթած յաջողութիւններ ծառայութեան մէջ:

Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնած է նախկին պաշտպանութեան նախարար-պաշտպանութեան բանակի հրամանատար Լեւոն Մնացականեանին զինուած ուժերուն մէջ երկարամեայ ծառայութեան համար, ընդգծելով անոր մեծ աւանդը բանակաշինութեան, Պաշտպանութեան բանակի կայացման ու զարգացման գործին մէջ, եւ վստահութիւն յայտնած, որ նոր պաշտօնին մէջ Լեւոն Մնացականեան պիտի շարունակէ նոյն նուիրուածութեամբ ծառայել հայրենիքին:

Հանդիպումին ներկայ եղած են հայկական երկու հանրապետութիւններու զինուած ուժերու համագործակցութեան եւ գործողութիւններու համադրման ծրագրի ծիրէն ներս Արցախ գտնուող ՀՀ ԶՈՒ գլխաւոր շտապի պետ Արտակ Դաւթեանը, պաշտօնատար այլ անձիք:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին