«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ռուսիա կ՛ակնկալէ, որ Հայաստանի մէջ կայացած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներով կառավարութեան ձեւաւորումէն ետք Հայաստանն ու Ատրպէյճանը վերսկսին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւնները: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, վկայակոչելով ԹԱՍՍ-ը, այս մասին Պաքուի մէջ սկիզբ առած Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստի ընթացքին ըսած է ՌԴ ԱԳ նախարար Սերգէյ Լաւրով:
«Երեկ ես շարունակական եւ մանրամասն զրոյց ունեցած եմ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Մենք զգացած ենք բանակցութիւնները վերսկսելու եւ կառուցողական հանգուցալուծում գտնելու անոր անկեղծ տրամադրուածութիւնը: Ռուսիան որպէս Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մտերիմ գործընկեր եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիր` պիտի ընէ ամէն ինչ փոխզիջման հասնելու անհրաժեշտ պայմաններ ստեղծելու համար»,- ըսած է Լաւրով:
Լաւրով յիշեցուցած է, որ նախապէս տեղի ունեցած են շփումներ երկու երկիրներու ղեկավարներու եւ արտաքին գերատեսչութիւններու ղեկավարներու միջեւ, սակայն անոնք կայացած են մինչեւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւնները: «Հիմա, երբ այդ փուլը արդէն անցեալի մէջ է, կը սպասուի կառավարութեան ձեւաւորումը, որմէ ետք, ես կը կարծեմ, հայկական կողմը պատրաստ պիտի ըլլայ ատրպէյճանցիներու, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն հետ վերսկսելու բանակցային գործընթացը»,- աւելցուցած է ՌԴ ԱԳ նախարարը:






