«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ազրպէյճանը կը պատրաստուի Հայաստանի հետ սահմանի մէկ հատուածին մէջ զինուած ուժերու ստորաբաժանումները փոխարինել սահմանապահ ուժերով:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, կը յայտնէ ազրպէյճանական «Թուրան» լրատուական գործակալութիւնը:
Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հրամանով՝ սահմանապահ ուժերը պիտի տեղակայուին Ղազախի եւ Աղսթեւի հատուածին մէջ:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Թուրան»ը, այս մասին Դեկտեմբեր 14ին յայտարարած է Ազրպէյճանի սահմանապահ զօրքերու հրամանատար Էլչին Կուլիեւը:
Կուլիեւը այս որոշումը բացատրած է սահմանապահներու պատրաստուածութեան բարձր մակարդակով: