Կիրակի, 08. 06. 2025

spot_img

Հայ-ամերիկեան թանգարանի անդրանիկ կալային մասնակցեցան հազարէ աւելի հայրենակիցներ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հոլիվուտի Տոլպի սրահին մէջ, Դեկտեմբեր 9-ին տեղի ունեցաւ Հայ-ամերիկեան թանգարանի անդրանիկ կալան։ Պատուըուեցան Կլենտէյլի Քաղաքային խորհուրդը, որ ապահոված էր հողաշերտը, ուր պիտի կառուցուի թանգարանը, ինչպէս նաեւ Քալիֆորնիոյ սենաթորներ Անթոնի Փորթանթինոն, Քեւըն տը Լիոնը, Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեանը եւ նոյն խորհրդարանի խօսնակ Անթոնի Ռենտընը, որոնք մեծ գումարներ ապահոված էին Քալիֆորնիա նահանգէն։ Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ Քաթրին Պարկըր նոյնպէս անակնկալի բերաւ ներկաները մէկ միլիոն տոլար նուիրելով մշակութային եւ կրթական կեդրոնին։

Օրուան հանդիսավարն էր Ֆոքս 11-ի լրագրող Արաքսիա Կարապետեան։ Թանգարանի յանձնախումբի ատենապետ Պերճ Կարապետեան փոխանցեց օրուան պատգամը։ Խօսք առին քոնկրէսական Ատամ Շիֆ, Քաթրին Պարկըր եւ ուրիշներ։

Հայ-ամերիկեան թանգարանը իր տեսակին մէջ մշակութային եւ կրթական յատուկ կեդրոն մը պիտի ըլլայ Կլենտէյլի սիրտին վրայ։ Ան պիտի ունենայ մնայուն ցուցահանդէս, բազմամշակոյթ ճամբորդող այլ ցուցահանդէսներ, թատրոն, ուսումնասիրութիւններու կեդրոն, խոհանոց, արխիւ եւ շատ աւելին։

Բացառիկ ծրագիր մըն է այս, որ քով-քովի բերած է ամերիկահայ բոլոր կազմակերպութիւնները, որոնք բոլորն ալ ունին իրենց պատասխանատուութիւնները։

Այս մասին կազմակերպիչ մարմինին ծաւալուն թղթակցութիւնը տեսնել էջ 9։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին