Բժիշկ Ռաֆֆի Պալեանի աշակերտական դասախօսութիւնը
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- 7 Դեկտեմբեր 2018, Ուրբաթ օր, բժիշկ Ռաֆֆի Պալեանը ՀԲԸՄ-ի Փասատինա քաղաքի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան երկրորդական վարժարանը այցելեց: Ան 9-րդ եւ 10-րդ դասարաններու յառաջադէմ խումբի աշակերտներուն տուաւ շահեկան դասախօսութիւն մը, որուն նիւթն էր թոքախտը եւ հայկական քնարերգութիւնը:
Հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչ Նորայր Տատուրեանը իր աշակերտներուն հետ անցեալ ամիս ընթերցած էր բանաստեղծ Միսաք Մեծարենցի գործերէն ընտրանի մը, ներառեալ «Սիրերգ» քերթուածը: Այդ օրերուն, մինչ աշակերտները կը ծանօթանային վաղամեռիկ բանաստեղծի գրականութեան, կենսագրութեան եւ ներաշխարհին, կը ծանօթանային նաեւ թոքախտին, որմէ տառապեր էր Մեծարենցը: Յիշեցնենք, թէ այդ հիւանդութիւնը զարմանալիօրէն հեռու է ամերիկահայ պատանիի առօրեայէն, քանզի երկիրը գրեթէ զերծ է այդ ախտէն:
Երբ Մեծարենցի նուիրուած սերտողութիւնները հասան աւարտին, դպրոց հրաւիրուեցաւ քաղաքիս յարգուած բժիշկներէն Ռաֆֆի Պալեանը: Ան իր մասնագիտութեամբ եւ որպէս հայկական քնարերգութեան, մանաւանդ Մ. Մեծարենցին եւ Պ. Դուրեանին քաջ ծանօթ ընթերցասէր մտաւորական, նիւթը ներկայացուց պատանիներուն մատչելի հարուստ հայերէնով մը: Դասախօսութիւնը զուտ բերանացի զեկոյցէ մը աւելի ազդեցիկ եւ տպաւորիչ էր, քանզի ան պատկերազարդ էր:
Այս շահեկան միջոցառումէն օգտուեցան նաեւ 9-րդ եւ 10-րդ դասարաններու հայերէնի սկսնակ խումբերը: Նիստը ունեցաւ նաեւ հարցում-պատասխաններու բաժին մը: Աւարտին, աշակերտները յոտնկայս արտասանեցին «Սիրերգ»-ը, ապա իւրաքանչիւր կարգի ներկայացուցիչը հիւր բանախօսին յանձնեց շնորհակալական բացիկ մը, որ ստորագրուած էր բոլորին կողմէ:
Բժիշկ Ռ. Պալեանի այցելութիւնները աւանդութիւն մը դարձած են: Ան 2014-էն ի վեր իրեն ուղղուած հրաւէրները չի մերժեր ու պատանիներուն սիրայօժար կը խօսի թոքախտի եւ ինչպէս նաեւ մարզական վնասուածքներու մասին: