«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թուրքիոյ մայրաքաղաքին մէջ ճեպընթաց գնացքի վթարի հետեւանքով մահացածներու թիւը հասած է 9ի: Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, կը յայտնեն թրքական լրատուամիջոցները:
Գնացքի ուղեւորներէն 47ն տարբեր աստիճանի վնասուածքներով կը գտնուին բժշկական հսկողութեան ներքոյ:
Վթարի գործով ձերբակալուած է «Թուրքիոյ երկաթուղիներ»ի 3 աշխատակից:
Դեկտեմբերի 13ին Անգարայէն Քոնիա ուղեւորուող ճեպընթաց գնացքը բախած էր շոգեկառքին, որմէ ետք երեք կառքերը դուրս եկած են երկաթագիծէն: