Չորեքշաբթի, 01. 10. 2025

spot_img

Նիկոլ Փաշինեան Ուղենշած է Կառավարութեան Ընելիքները՝ Ներդրումներու Խրախուսում, Բանակի Զարգացում, Աղքատութեան Կրճատում

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Երէկ տեղի ունեցած է ՀՀ կառավարութեան հերթական նիստը, որ վարած է ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան:

ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ նախքան օրակարգային հարցերու քննարկումը Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձած է խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն եւ նշած . «Դեկտեմբեր 9-ին տեղի ունեցած խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններէն ետք՝ մեր կառավարութեան առաջին նիստն է, եւ ուրախ եմ արձանագրելու, որ ընտրութիւններուն արդիւնքներով մեր կառավարութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներէն ստացած է համոզիչ վստահութեան քուէ, որ կը  նշանակէ, որ մեր ընելիքները դեռ մեր դիմացն են, որ կը նշանակէ, որ մենք առնուազն որոշ բաներ հասցուցած ենք ընել, որ Հայաստանի քաղաքացիներուն հիմք տուած է մեր գործունէութիւնը շարունակելու իրաւագիր տալու»:

Վարչապետի պաշտօնակատարը ուղենշած է կառավարութեան յառաջիկայ շրջանի քանի մը կարեւոր ընելիք. «Առաջինը տնտեսական յեղափոխութեան ծիրէն ներս ներդրումներու խրախուսումն է, եւ պէտք է արձանագրել, որ Հայաստանի նկատմամբ ներդրումային մեծ հետաքրքրութիւն կայ, եւ այդ հետաքրքրութիւնը յառաջիկային պիտի շարունակէ աճիլ: Ես կ՝ուզեմ Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր պետական պաշտօնեաներու ուշադրութիւնը հրաւիրել այս հարցին վրայ, եւ իմ ուղիղ յանձնարարականն է՝ ստեղծել բոլոր պայմանները եւ չստեղծել որեւէ խոչընդոտ ոեւէ ներդրողի համար: Յոյս ունիմ, որ որեւէ ազդակ չեմ ստանար ոեւէ պաշտօնեայի մասին, որ որեւէ ներդրումային նախագիծի առջեւ խոչընդոտներ կը  յարուցուին եւ այլն: Ի հարկէ, մեր նախընտրական ծրագիրին կարեւորագոյն դրոյթներէն է, որ մենք պէտք է ներդրումներու եւ ընդհանրապէս տնտեսական գործունէութեան համար անհրաժեշտ բիւրոկրատական քաշքշուկներու՝ օրէնսդրութեամբ նախատեսուած հիմնարկը վերացնենք եւ հնարաւորինս պարզեցնենք ընթացակարգերը, որպէսզի նաեւ այդ առումով տէ իւրէ որեւէ արհեստական խոչընդոտ չըլլայ: Հետեւաբար, յառաջիկայ ընելիքը ներդրումներու խթանումն է, եւ  պէտք է շատ արագ ատոր համար բարենպաստ միջավայր եւ պայմաններ ստեղծել:

Երկրորդ կարեւորագոյն ընելիքը ռազմաարդիւնաբերական համալիրի զարգացումն է: Մենք պէտք է ի վիճակի ըլլանք էական զարգացում ապահովելու ռազմարդիւնաբերական համալիրին մէջ, եւ այս խնդիրին լուծումը ես կը կապեմ Հայաստանը գիտարուեստական երկիր դարձնելու մեր տեսլականին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ ճարտարագիտական եւ գիտարուեստական միտքը զարգացնելու հրամայականին հետ, որ, ի հարկէ, յառաջիկայ ամենակարեւոր ընելիքներէն է:

Յաջորդ առանցքային խնդիրը զինուած ուժերու մարտունակութեան բարձրացման հարցն է: Ասոր մասին մենք խօսած ենք նաեւ նախընտրական շրջանին, եւ ըսած եմ, որ յառաջիկայ 5 տարուան ընթացքին մենք պէտք է ի վիճակի ըլլանք զինուած ուժերու զարգացման նպատակին համար ներդնելու շուրջ 2.5 միլիառ տոլար: Այդ միջոցները գտնելու ուղղութեամբ մենք պէտք է լրջագոյն աշխատանք տանինք: Խօսքը յաւելեալ միջոցներու մասին է, որոնց մէկ մասը պէտք է ուղղուած ըլլայ նաեւ զինծառայողներու հասարակական վիճակի բարելաւման»:

Յաջորդ կարեւոր ուղղութիւնը, ըստ Նիկոլ Փաշինեանի, պիտի ըլլայ կրթութեան ոլորտը, բարձրագոյն կրթական համակարգը որակական նոր մակարդակի բերելը: «Խօսած ենք բարձրագոյն կրթութեան ոլորտի համախմբման անհրաժեշտութեան մասին: Կը կարծեմ, որ մեծ անհաւասարակշռութիւն յառաջացած է համալսարանական համակարգի եւ գերատեսչական համակարգի միջեւ, եւ մենք պէտք է նոյնականացնենք եւ ունենանք միասնական համալսարանական համակարգ, որ յստակ խնդիրներ լուծէ»,- նշած է վարչապետի պաշտօնակատարը:

Նիկոլ Փաշինեան միւս կարեւոր խնդիրը համարած է առողջապահութեան ոլորտէն ներս լրջագոյն բարեփոխումներու իրականացումը, որուն նպատակը հանրութեան լայն շերտերու համար ծառայութիւններու հասանելիութեան ապահովումն է: «Կարեւոր կը համարենք նաեւ պետական կառավարման համակարգի արդիականացման եւ արդիւնաւէտութեան բարձրացման խնդիրը, որ նոյնպէս նախընտրական շրջանին եւ ընդհանրապէս բազմիցս քննարկած ենք: Իբրեւ այս բոլորի հանգուցալուծում կամ գագաթնակէտ՝ պէտք է ընկալենք քաղաքացիներու հասարակական վիճակի եւ բարեկեցութեան մակարդակի էական փոփոխութիւններուն արձանագրումը: Մեր խնդիրն է Հայաստանի մէջ ծայրայեղ աղքատութիւնը վերացնելը եւ աղքատութիւնը էականօրէն նուազեցնելը: Ունինք քաղաքացիներուն իրաւագիրը եւ այս խնդիրները պէտք է կարենանք լուծել առաջին հերթին աշխատանքի խրախուսումով եւ աշխատանքի համար բարենպաստ պայմաններ ստեղծելու ճանապարհով»,- ըսած է կառավարութեան ղեկավարի պաշտօնակատարը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին