Չորեքշաբթի, 01. 10. 2025

spot_img

ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարան. Մեր փոքրիկ ճատրակորդները Ըրվայնէն վերադարձան 9 ոսկէ, երկու արծաթէ եւ 11 պրոնզէ մետալներով

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Շնորհիւ վարժարանիս ճատրակի (շախմատի) դասատու-մարզիչ (USCF Advanced Chess Coach) Արթուր Աղաջանեանի, Գոհաբանութեան տօնի օրերուն Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի նախակրթարանի եւ միջնակարգի 29 աշակերտ մասնակցեցաւ Ըրվայնի մէջ տեղի ունեցող Staser Fall Scholastic մրցաշարքին։ Մեր լաւագոյն տասը ճատրակորդները կամ շախմատիստները մասնակցեցան վարկանիշային մրցումին, իսկ մնացեալ 19-ն՝ ներառեալ Մանկապարտէզի աշակերտներ, մասնակցեցան ոչ-վարկանիշային մրցաշարքին։

Մեր աշակերտները վարկանիշային մրցումներուն խլեցին երկու բաժակ, ինչպէս նաեւ 3 ոսկի, 2 արծաթ եւ 6 պրոնզ մետալ ոչ-վարկանիշային մրցումներուն ընթացքին։ Շարք մը աշակերտներ բարելաւեցին իրենց անձնական վարկանիշը այս յաջողութիւններէն ետք։

Կը շնորհաւորենք բոլոր մասնակիցները։ Ուրախ ենք եւ հպարտ, որ շախմատը մաս կը կազմէ իրենց կրթութեան, որուն միջոցով անոնք կը զարգացնեն իրենց խնդիրներ լուծելու կարողութիւնը, կը բարելաւեն իրենց յիշողութիւնը եւ կեդրոնացումը։

Շնորհաւորութիւններ աշակերտներուն եւ անչափ շնորհակալութիւն Պրն. Աղաջանեանին։

 

ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին