Երկուշաբթի, 02. 06. 2025

spot_img

Թերեզա Մեյը Կը Մնայ Մեծն Բրիտանիոյ Վարչապետ, Բայց Կը Խոստանայ Աւելի Ուշ Հեռանալ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանի ստորին պալատին մէջ Պահպանողական կուսակցութեան պատգամաւորները ձայներու մեծամասնութեամբ վստահութիւն յայտնեցին Թերեզա Մեյին, կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը:

Թերեզա Մեյի՝ կուսակցութեան առաջնորդ մնալու օգտին քուէարկած է 200 պատգամաւոր, դէմ՝ 117: Քուէարկութիւնը եղած է գաղտնի:

Այսպիսով, Մեյը կը մնայ պահպանողականներու կուսակցութեան առաջնորդը եւ կը պահպանէ վարչապետի պաշտօնը: Այժմ մէկ տարուան ընթացքին ոչ ոք կրնայ վերստին Մեյին՝ որպէս կուսակցութեան առաջնորդի անվստահութիւն յայտնելու քուէարկութիւն նախաձեռնել: «Ես շնորհակալ եմ պաշտպանութեան համար, սակայն զգալի թիւով գործընկերներ քուէարկեցին իմ դէմս»,- յայտարարած է Մեյը քուէարկութենէն ետք՝ յաւելելով, որ մտադիր է շարունակել աշխատանքը:

Իրենց առաջնորդին նկատմամբ վստահութեան հարցի շուրջը պահպանողականներու քուէարկութենէն քիչ առաջ Թերեզա Մեյը ըսած է, որ վարչապետի պաշտօնէն կը հեռանայ նախքան ընդհանուր ընտրութիւնները, որոնք նշանակուած են 2022 թուականին: Քաղաքական գործիչները եւ դիտորդները տարբեր գնահատականեր տուած են ձայներու այժմեան բաշխումին: BBCի քաղաքականութեան բաժնի խմբագիր Լորա Քունսպերկի կարծիքով՝ այդ արդիւնքները, մինեւնոյնն է, վնաս կը հասցնեն Մեյի հեղինակութեան. Խորհրդարանին մէջ իր գործընկերներուն 37 տոկոսը կը կարծէ, որ ան պէտք է հեռանայ առաջնորդի պաշտօնէն:

Խորհրդարանական Ճեյքոպ Ռիզ Մոկը, որ եղած է պատգամաւորներու քուէարկութիւնը նախաձեռնողներու շարքին, յայտարարած է, որ Մեյի ստացած քուէներուն քանակը սարսափելի արդիւնք է, եւ իրեն պաշտօնաթող ըլլալու կոչ ըրած է: Սկովտիայի գործոց նախարար Տեւիտ Մանտելը համոզիչ համարած է Մեյի յաղթանակը, իսկ առաջին նախարար Նիքոլա Սթերճենը յայտարարած է, որ քուէարկութեան արդիւնքը սաստիկ հարուած հասցուց Մեյի հեղինակութեան:

Ընդդիմադիր Լեյպորիստական կուսակցութեան առաջնորդ Ճերեմի Քորպինը նշած է, որ Brexitի շուրջ պայմանաւորուածութեան հետ կապուած իրադրութիւնը չէ փոխուած, իսկ Մեյին հարկ կ’ըլլայ վերստին Համայնքներու պալատի քուէարկութեան դնել իր ահաւոր, ինչպէս ինքը արտայայտուած է, պայմանագիրը Եւրամիութեան հետ:

«Թերեզա Մեյը արդէն չունի խորհրդարանի պատգամաւորներու մեծամասնութեան աջակցութիւնը, իր կառավարութեան շարքերուն մէջ քաոս կը տիրէ, եւ ան ի վիճակի չէ այնպիսի համաձայնութեան հասնելու Brexitի շուրջ, որ կը համապատասխանէր ամբողջ երկրի շահերուն»,- ըսած է Քորպինը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին