Չորեքշաբթի, 01. 10. 2025

spot_img

Երբ բարձրախօսը բաց է բոլորին համար…

Մտորումներ «Կլոր սեղան»ի մը շուրջ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Գեղեցիկ է տեսնել, չէ՞, հայկական վարժարան մը կը երկխօսի քոյր վարժարանի մը հետ. անոնք կը կիսեն կրթական մօտեցումներ եւ լուծումներ: Իսկ, ի՛նչ մտածել այն պատկերին առջեւ, երբ հայաշատ քաղաքի մը բոլոր հայկական վարժարանները հրաւիրուած ըլլան սեղանի մը շուրջ ու արծարծեն սփիւռքահայ դաստիարակութիւնը յուզող բազմաթիւ հարցեր:

            Այդ պատկերը, յարգելի ընթերցող, ստեղծուեցաւ 29 Նոյեմբեր 2018, Հինգշաբթի գիշեր, Փասատինա քաղաքի Հայ Կեդրոնի «Ճիւալակեան» սրահին մէջ: Այդ կեդրոնի Յարաբերական յանձնախումբին կողմէ «Կլոր սեղան» անունի տակ գումարուած նիստին՝ իրենց մասնակցութիւնը բերին քաղաքիս վարժարաններէն հինգ հատը, ներառեալ՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ շաբաթօրեայ վարժարանը, որուն ներկայացուցիչն էր այս յօդուածին հեղինակը: Այդ վարժարանները, անկախ իրենց կրթական, քաղաքական եւ կրօնական սկզբունքներու տարբերութենէ, նախապատուութիւն տալով հայեցի կրթութեան ծառայելու նպատակին, եկած էին իրենց փորձառութիւնները, մարտահրաւէրները եւ նուաճումները բաժնեկցելու:

            «Կլոր սեղան»էն շաբաթ մը առաջ ստացուած ել-նամակ մը բաւեց, որ մենք, ըմբռնենք համագումարին շինիչ եւ անկողմնակալ բնոյթը ու աներկբայ որոշենք մասնակցիլ անոր: Հակառակ անոր, որ հրաւիրուած վարժարաններէն ամենափոքրիկն էինք (նկատի առնելով աշակերտութեան թիւը) կ՚ուզէինք հանրութեան ներկայացնել «շաբաթօրեայ վարժարան»ի գաղափարը եւ բոլորին հետ բաժնեկցիլ աւելի քան 50 տարուայ մեր փորձառութիւնը:

            Սեղանի շուրջ նստած տեսանք լաւ հաստատուած երկու ամենօրեայ վարժարաններ, արմատացած մանկապարտէզ մը եւ իր առաքելութիւնը պետական տեղական վարժարանէ ներս կատարող միօրեայ վարժարան մը: Ըստ երեւոյթին, անոնք առաջին անգամ քով-քովի կու գային ու կը ծանօթանային իրարու հետ, հակառակ անոր որ երկարամեայ «դրացիներ» էին եղած:

            Երբ կրթական այդ հաստատութիւններու ներկայացուցիչները սկսան իրենց զեկոյցները տալ, պարզուեցաւ ճշմարտութիւն մը. բոլորը հասարակ նպատակի համար լարուած են, բայց անոր հասնելու համար ունին իւրայատուկ գաղափարաբանութիւն եւ լուծումներ: Հարցերն ու մարտահրաւէրնե՞րը. միեւնոյնն էին, բազմաթիւ եւ ո՛չ նորութիւն ունկնդիրներուն համար՝ նիւթական հարցեր, հայերէնի ուղղագրութիւնը, արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի գործածութիւնը դասարանէն ներս… Վարժարաններու մէջ կ՚առանձնանար Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ շաբաթօրեայ վարժարանը (առհասարակ բոլոր շաբաթօրեայ եւ միօրեայ վարժարանները): Նախ եւ առաջ բացատրեցինք, թէ շաբաթօրեայ վարժարանը միայն Շաբաթ օրերը, երեք ժամ դաս ընող դպրոց մը չէ: Ան հանրային վարժարան յաճախող հայորդիներուն հայեցի միջավայր ապահովող հաստատութիւն է: Շաբաթօրեայ վարժարանը սովորաբար ունի նաեւ աշակերտներ, որոնք նոր հրաժեշտ տուած են ամենօրեայ վարժարանին: Մենք նաեւ ունինք աշակերտներ, որոնք հայերէն գիտեն, բայց գրել-կարդալ չեն գիտեր եւ կան աշակերտներ, որոնք հայերէն ալ չեն գիտեր: Շաբաթօրեայ վարժարանը, գրաճանաչութեան առընթեր, նաեւ պիտի տայ հայկական ինքնութիւն, ազգային պատկանելիութիւն, պիտի սորվեցնէ հայկական պար, երգ, հայոց պատմութիւն, կրօնա-բարոյական դաստիարակութիւն, լաւագոյն պարագային՝ նաեւ աշակերտին պիտի ծանօթացնէ հայկական խոհանոցը: Առաւելաբար, շաբաթօրեայ վարժարանը պիտի տօնէ ազգային եւ կրօնական բոլոր տօները ու պիտի պահէ տոհմիկ բոլոր աւանդութիւնները, որպէսզի կատարած ըլլայ «հայեցի դաստիարակութիւն» խոստումը: Ըսինք, թէ բոլորը կարելի են: Կը բաւէ համամիտ եւ երազկոտ ուսուցիչներու խմբակ մը ունենսլ: Եւ այդ անհատներու աշխատանքով է, որ համարձակեցանք ըսելու, թէ, մեր վարժարանը կը յաջողի նաեւ Համահայկական Հիմնադրամի կենդանի հաղորդումին ներկայ ըլլալ իր աշակերտութեամբ, Հայկական ծառատունկ կազմակերպութեան հետ համագործակցիլ ու ամէն տարի ծառ տնկել Հայաստանի մէջ, Արցախի մէջ սահման պահող զինուորներուն նամակներ գրելու սովորութիւն պահել, դէպի Հայաստան ընտանեկան ամառնային ճանաչողական պտոյտ կազմակերպել եւ խոշոր կարկանդակով ու ախորժակով տօնել Երեւանի 2800-ամեակը եւ հայկական Բանակի Օրը:

            Զեկուցողներէն Շահէ Մանկրեանը, Յովսէփեան վարժարանի տնօրէնը, արտայայտեց յիշատակելի գաղափար մը. «Պէտք է դրական եւ լաւատես ըլլալ, կատարումներու վրայ կեդրոնանալ եւ տեսլական ունենալ: Հայկական վարժարանը կայ եւ անշուշտ թէ պիտի մնայ»: Մինչ այլ սեղանակիցները անժլատ կը փոխանցէին իրենց կարեւորած միտքերն ու իմաստութիւնները:

            Երբ ունկնդիրները սկսան դէպի սեղան հարցումներ եւ կարծիքներ ուղղել, մէջտեղ ելաւ, թէ հասարակութիւնը որքա՛ն գոհունակ էր կատարուածով: Բոլոր ունկնդիրներու մօտ, կարծես, թէ նման համագումարի մը ծարաւը կար: Համալսարանական երիտասարդուհի մը արտայայտուեցաւ այսպէս. «Այս պատկերը կը վայելէ մեզի»: Հայկական երկու վարժարաններու շրջանաւարտ այդ երիտասարդուհին նաեւ ցաւ յայտնեց, թէ հայ աշակերտութեան 3 տոկոսը միայն կը յաճախէ հայկական վարժարան: Իսկ անոր հասակակից երիտասարդ մը փափաք յայտնեց, թէ վարժարանները աւելի սերտ կապեր հաստատեն իրենց շրջանաւարտներուն հետ, որպէսզի վերջիններու ներուժէն օգտուին: Աւարտին, բոլորին փափաքն էր ընդլայնել նիւթը ու կրկին բարձրախօսը բանալ բոլորին համար, հրաւիրել նաեւ նորանոր ձայներ:

            Կը շնորհաւորենք Յարաբերական յանձնախումբը, կազմակերպող տիկին Սոնիկ Արապեանը եւ զեկուցավար տիկին Սիւզան Տուզմանեանը, այս ազգօգուտ եւ աննախընթաց ձեռնարկին համար:

Հրաւիրել բոլորը ու ձայն տալ բոլորին՝ պատուաբեր եւ վայել երեւոյթ է գաղութիս համար: Եւ կասկած չունինք, թէ մեկնարկած այս երկխօսութիւնը կը շարունակէ ու իր օգուտը կը բերէ հայեցի դաստիարակութեան:

 

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Տնօրէն-ուսուցիչ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ շաբաթօրեայ վարժարանի, Փասատինա

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին