«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Դեկտեմբեր 13-ին, Երեւանի մէջ հանդիպում ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի հետ:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութենէն փոխանցուած տեղեկութիւններով՝ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են հայկական երկու հանրապետութիւններու ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, անվտանգութեան, Արցախի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան 2019 թուականի պետական պիւտճէներու ձեւաւորման վերաբերող շարք մը հարցեր: