Չորեքշաբթի, 01. 10. 2025

spot_img

Անգարայի Մէջ Ճեպընթացի Վթարի Հետեւանքով Մահացածներու Թիւը Հասած Է 9ի

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Թուրքիոյ մայրաքաղաքին մէջ ճեպընթաց գնացքի վթարի հետեւանքով մահացածներու թիւը հասած է 9ի: Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, կը յայտնեն թրքական լրատուամիջոցները:

Գնացքի ուղեւորներէն 47ն տարբեր աստիճանի վնասուածքներով կը գտնուին բժշկական հսկողութեան ներքոյ:

Վթարի գործով ձերբակալուած է «Թուրքիոյ երկաթուղիներ»ի 3 աշխատակից:

Դեկտեմբերի 13ին Անգարայէն Քոնիա ուղեւորուող ճեպընթաց գնացքը բախած էր շոգեկառքին, որմէ ետք երեք կառքերը դուրս եկած են երկաթագիծէն:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին