«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Նախագահ Միշէլ Աուն երէկ շեշտեց Լիբանանի՝ ՄԱԿի անվտանգութեան խորհուրդի 1701 բանաձեւի յանձնառութիւնը՝ հակառակ Իսրայէլի կողմէ համաձայնագիրի յարադէպ խախտումներուն:
«Իսրայէլ կը շարունակէ խախտել Լիբանանի ինքնիշխանութիւնը՝ 150 խախտում արձանագրելով ամսական դրութեամբ»,- նախագահական յայտարարութեան մէջ կը մէջբերուի Աունի խօսքը Լիբանանի մէջ ՄԱԿի յատուկ համակարգողի պաշտօնակատար Փերնիլ Տահլեր Քարտելի հետ հանդիպումին:






