ԿԱՐՕ ԿԻՐԻԹԼԵԱՆ
10րդ դասարան
Երեքշաբթի, 13 Նոյեմբեր 2018ին 5րդէն 12րդ դասարաններու բոլոր աշակերտները հաճելի եւ ուսանելի պտոյտի մը մասնակցեցան լիբանանեան Մայրենիներու Արգելանոցի մէջ (محمية الأرز) եւ միջազգային հռչակ ու ճանչցուած բանաստեղծ ու փիլիսոփայ Ժպրան Խալիլ Ժպրանի թանգարանը:
Առաւօտուն, հասանք դպրոց եւ բարձրացանք դպրոցական «պաս»երը: Բոլոր աշակերտները եկած էին իրենց լաւագոյն ու գունաւոր զգեստներով: Ճամբան չափազանց երկար էր, բայց ոչ ձանձրացուցիչ: Մենք՝ 10րդ դասարանի տղաքս, 11րդ դասարանի աշակերտներուն հետ երգեցինք ժողովրդական երգեր՝ «Գետաշէն», «Մայրենի լեզուն», «Արդեօ՞ք ովքեր են» եւ այլ անգլերէն ու արաբերէն երգեր: Տղաքը նոյնիսկ շուրջպարի սկսան: Երկու ու կէս ժամ ետք հասանք արգելանոցը, ուր մեզ դիմաւորեց հոյակապ տեսարան մը: Մայրենիներու «Էրզ» ծառերը փոքրիկ աշակերտներու նման շարուած էին կողք-կողքի ու արեւը կը շողշողար անոնց վրայ՝ բոլորին պարգեւելով ուրախութեան եւ ջերմութեան զգացումներ:
«Պաս»էն իջնելէ ետք յառաջացանք այցելուներու համար կառուցուած յատուկ ուղիներէն: Ի՜նչ հաճելի էր քալել այդ բարձր ու վեհ ծառերու կողքէն, որոնք կը խորհրդանշեն մեր ծննդավայրի՝ Լիբանանի ուժն ու հմայքը: Այդ ծառերը կը կառչին հողին եւ ամուր կը մնան՝ հակառակ բոլոր կացութիւններուն ու դժուարութիւններուն: Երբ կ’երթեւեկէի ծառէ-ծառ, մտածեցի մեր երկրին պատմութեան մասին եւ թէ ինչպէս Լիբանանը, Հայաստանի նման, դեռ կը գոյատեւէ ու կը զարգանայ այսքան դարեր ետք՝ զանազան պետութիւններու լուծին ենթարկուելէ ետք: Ներշնչուեցայ հայրենասիրական ոգիով եւ անդրադարձայ, թէ մենք՝ իբրեւ նոր սերունդ, պէտք չէ գանգատինք պզտիկ դժուարութիւններէ կամ մեր դասերէն, այլ պէտք է միշտ մեր լաւագոյնը ընենք եւ ձգտինք մեր իտէալին ու փորձենք պահել ու պահպանել մեր հայրենիքը: Կ’ըսեն. «Գլուխդ միշտ բարձր պահէ, բայց ոտքերդ՝ գետին», եւ այս օրինակը լաւ ձեւով թարգմանուած տեսայ մեր սիրելի մայրիներուն մէջ, որոնք վեհ ու կանգուն կը մնան, բայց միշտ իրենց արմատները խրած գետինը՝ համեստ, բայց ամուր: Բաւական քալելէ ետք մայրենիներուն միջեւ եւ մի քանի խմբանկար լուսանկարուելէ ետք, ուղղուեցանք Ժպրան Խալիլ Ժպրանի տունը, որ իր արուեստագէտ եւ արուեստասէր ընկերներուն կողմէ վերածուած էր թանգարանի՝ ընդգրկելու ամերիկացի-լիբանանցի գրագէտ-գծագրիչի նկարած պատկերներէն ու գրութիւններէն նմոյշներ: Թանգարանը հսկայ էր, կը բաղկանար զանազան յարկերէ ու սենեակներէ: Հոն դիտեցինք Ժպրանի գունագեղ պատկերները ու փորձեցինք հասկնալ անոնց իմաստը, ինչպէս նաեւ թարգմանել արուեստագէտին հոգեկան վիճակն ու մտորումները: Ան ունէր խոր միտքեր սիրոյ ու ամուսնութեան մասին, թէ երկու սիրահարներ պէտք չէ միանային մէկ սրտի ու հոգիի, այլ պէտք էր իւրաքանչիւրը պահէր իր անհատականութիւնը, եւ թէ անոնց սիրոյ նպատակը երկու հոգիներուն աճումն էր՝ միատեղ յիշատակներ ստեղծելով: Կային նաեւ տարօրինակ նկարներ, որոնք չկրցանք թարգմանել, անոնք կը պատկանէին Ժպրանի հարուստ երեւակայութեան: Վերադարձին, ճաշեցինք մօտակայ գիւղի մը մէջ եւ մի քանի ժամ ետք հասանք մեր սիրելի վարժարանը:
Այս պտոյտը ինծի համար բացառիկ առիթ մըն էր հանգստանալու՝ դադար մը առնելու դասերէն եւ ներշնչուելու մեր սիրելի Լիբանանի բնութենէն, ուր վայելեցինք գեղեցիկ տեսարաններ ու շնչեցինք մաքուր օդ՝ կարծես դրախտի մէջ օր մը անցընելով եւ յատկապէս ծանօթանալու մեծ գրագէտին մտաւորական ժառանգութեան:
Պերճաշուք Նշում՝
«Ֆրանքոֆոնիայի Շաբաթ»ուան Առթիւ
Ութ Աշակերտներ՝ Վկայականակիր
30 Նոյեմբեր 2018ին մեր աշակերտութիւնը յիշարժան եւ հպարտաբեր ատենամարզանքի պահ մը վայելեց, երբ ֆրանքոֆոնիայի շաբթուան առթիւ գեղեցիկ ու պատշաճ գեղարուեստական յայտագիր մը ներկայացուեցաւ, իսկ 11րդ դասարանի ութ աշակերտներ արժանացան ֆրանսական DELF քննութեան մեծ մակարդակի վկայականներու:
Հանդիսութեան ներկայ էին ՀԲԸՄի կրթական յանձնախումբի ատենապետուհի տիկ. Արտա Եանըքեանը, անդամ տիկ. Սինթիա Մենտիլեանը, Լիբանանի մէջ ֆրանսական մշակութային կեդրոնի տնօրէնուհի տիկ. Քամիլ Լեկալը եւ այդ ծրագիրներու համակարգող տիկ. Քամիլա Քաաքուրը:
Լիբանանեան ու ֆրանսական քայլերգերու ունկնդրութենէն ետք, Մարիան Փափազեան եւ Կարին Պաղսարեան, յաջորդաբար ֆրանսերէն ու հայերէն լեզուներով բացումը կատարեցին՝ ողջունելով հիւրերը եւ ոգեկոչելով նորոգ հանգուցեալ աշխարհահռչակ տաղանդաւոր երգիչ Շառլ Ազնաւուրի յիշատակը:
Ձեռնարկը սկսաւ Ծաղիկ դասարանի աշակերտներուն երգով, որոնք չորս ֆրանսերէն երգերով հմայեցին ներկաները:
Ֆրանքոֆոնիայի մասին պատկերազարդ ու բացատրական խօսքերով հանդէս եկան Արաքս Էլմայեան եւ Մարիան Փափազեան ֆրանսերէն լեզուով՝ ներկայացնելով տեսարժան վայրերը, կոթողները, յուշարձանները, պատմավայրերը եւ խորհրդապատկերները, որոնք Ֆրանսայի հարստութիւններն են՝ միաժամանակ յիշեցնելով, որ ֆրանքոֆոնիայի վերջին վեհաժողովը տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ:
Հանդիսաւոր պահը եկած էր վկայականներու տուչութեան, որուն համար բեմ հրաւիրուեցան յարգարժան հիւրերը եւ պրն. տնօրէնը՝ հանդիսապէս զանոնք յանձնելու յաջողած աշակերտներուն:
Վկայականակիրներն էին.
- Արաքս Էլմայեան – Զոհրապ Աբրահամեան
- Մարիան Փափազեան – Տեսիլ Մսըրլեան
- Սելա Մարգարեան – Վաչէ Չըլտըրեան
- Լոռի Փոլաճեան – Կարին Պաղսարեան
Յանուն իր դասընկերներուն՝ Վաչէ Չըլտըրեան ֆրանսերէն լեզուով իր շնորհակալութիւնը յայտնեց ֆրանսական մշակութային կեդրոնին եւ անոր պատասխանատուներուն:
Սրտի ու շնորհաւորանքի խօսքով հանդէս եկաւ տիկ. Քամիլ Լեկալի, որ գնահատեց մասնակից աշակերտներուն աշխատասիրութիւնը եւ յաջողութիւնը:
8րդ դասարանի աշակերտները ֆրանսերէնով երգեցին «On écrit sur les murs», որ իր համահունչ արտայայտութեամբ տպաւորիչ էր:
Համբիկ Մարտիրոսեան եւ Նարեկ Կարապետեան յաջորդաբար, դաշնակի նուագակցութեամբ ուսուցիչ պրն. Ռաֆֆի Տէր Առաքելեանի, «սաքսոֆոն»ի վրայ նուագեցին Շառլ Ազնաւուրի «La Bôhème»ը եւ «Սէրս գաղտնի թող մնայ»ն, որոնք հոգեցունց զգացումներ պարգեւեցին:
Խանդավառութիւնը եւ ոգեւորութիւնը հասած էին իրենց գագաթնակէտին, վայելելու այս հոյակապ առիթէն ստեղծուած պահերը եւ մանաւանդ շնորհաւորելու վկայականներու արժանացած աշակերտներու արձանագրած յաջողութիւնները:
Յանուն վարժարանին ու տնօրէնութեան՝ խօսք արտասանեց ֆրանսերէնի ուսուցչուհի տիկ. Աննա Արթին, որ կարեւորելէ ետք այս միջոցառումի կայացման օգտաւէտութիւնը, շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչ կողմին եւ ջերմ շնորհաւորութիւնք՝ յաջողած աշակերտութեան:
Յիշեցնենք, որ Մարիա Փափազեան իր խմբակին մէջ ստացած է բարձրագոյն նիշը՝ 100ի վրայ 100 արդիւնքով:
*
* *
Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք մեր աշակերտները այս պատուաբեր յաջողութեան առիթով: