«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Երէկ ԵՈՒՆԻՖԻԼի հրամանատար Սթեֆանօ Տել Քոլ յայտարարութեամբ հաստատեց Իսրայէլը եւ Լիբանանի բաժնող տարածքին Կապոյտ գիծի երկայնքով անցնող երկրորդ ներքնուղիի մը գոյութիւնը:
Տել Քոլ աւելցուց, որ ինք անձամբ տեղեակ պահած է նախագահ Միշէլ Աունը եւ խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրին այս ծիրէն ներս արձանագրուած զարգացումներուն մասին՝ շեշտելով, որ սա լուրջ հարց է, եւ ԵՈՒՆԻՖԻԼը մօտէն կը հետեւի ստեղծուած իրավիճակին: