«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Երէկ Աւստրիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վան Տըր Պելլեն նախագահ Միշէլ Աունի հետ հանդիպումին յայտնեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական կապերը կարելի է բարելաւել, միաժամանակ գնահատելով ահաբեկչութեան դէմ պայքարի եւ սուրիացի գաղթականներու ճգնաժամի հետեւանքները հնարաւորինս վերացնելու ուղղութեամբ Լիբանանի ներդրած ջանքերը:
Նշենք, որ Աւստրիոյ նախագահը քառօրեայ այցով Պէյրութ ժամանեց Երկուշաբթի: Ան կը շարունակէ հանդիպումներ ունենալ լիբանանեան պաշտօնատարներու հետ: Բացի այդ՝ ան պիտի այցելէ ԵՈՒՆԻՖԻԼ: Աունի հետ հանդիպումէն ետք ան տեսակցութիւն ունեցաւ նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրիի հետ: