«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Երէկ նախագահ Միշէլ Աուն ըսաւ, որ կառավարութեան կազմաւորման միտուած նոր նախաձեռնութիւնը պէտք է անպայման յաջողի, հակառակ պարագային՝ երկրի իրավիճակը կը դառնայ աղէտալի:
Նախագահ Աուն մամլոյ ասուլիս գումարեց Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ՝ կառավարութեան կազմաւորման իրագործման միտուած նոր նախաձեռնութեան առաջադրումէն մէկ օր ետք: