Կիրակի, 08. 06. 2025

spot_img

Աւստրիոյ Եւ Լիբանանի Յարաբերութիւնները Կարելի Է Բարելաւել. Աւստրիոյ Նախագահ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Երէկ Աւստրիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վան Տըր Պելլեն նախագահ Միշէլ Աունի հետ հանդիպումին յայտնեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական կապերը կարելի է բարելաւել, միաժամանակ գնահատելով ահաբեկչութեան դէմ պայքարի եւ սուրիացի գաղթականներու ճգնաժամի հետեւանքները հնարաւորինս վերացնելու ուղղութեամբ Լիբանանի ներդրած ջանքերը:
Նշենք, որ Աւստրիոյ նախագահը քառօրեայ այցով Պէյրութ ժամանեց Երկուշաբթի: Ան կը շարունակէ հանդիպումներ ունենալ լիբանանեան պաշտօնատարներու հետ: Բացի այդ՝ ան պիտի այցելէ ԵՈՒՆԻՖԻԼ: Աունի հետ հանդիպումէն ետք ան տեսակցութիւն ունեցաւ նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրիի հետ: 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին