«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ՄԱԿի միջկառավարական խորհրդաժողովը աւելի քանի 150 երկիրներէ տարբեր մակարդակներու պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ Դեկտեմբեր 10ին Մարոքոյի Մարաքեշ քաղաքին մէջ հաստատած է Անվտանգութեան, կանոնակարգուած ու օրինական գաղթի համաշխարհային դաշնագիրը: Այդ մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, յայտնած է «ՌԻԱ Նովոսթի»ի թղթակիցը:
«Ես առարկութիւններ չեմ տեսներ, փաստաթուղթը հաստատուած է»,- յայտարարած է Մարոքոյի արտաքին գործոց նախարար Նասեր Պուրիթան, որ կը նախագահէ խորհրդաժողովը:
Փաստաթուղթը, որուն բնագիրը մշակուած էր ՄԱԿի անդամ բոլոր անդամ պետութիւններու վեցամսեայ քննարկումին ընթացքին, իրաւաբանօրէն պարտաւորեցնող չէ, այլ միայն համաշխարհային գործակցութեան ուղի կը բանայ այդ ոլորտին մէջ: Ինչպէս կը սպասուի, դաշնագիրը կը հաստատուի Դեկտեմբեր 19ին ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի նիստին:
ՄԱԿի տուեալներով՝ ներկայիս աշխարհի վրայ կայ 68 միլիոն հարկադիր վերաբնակ, որոնցմէ 25 միլիոնը գաղթականներ են, երեք միլիոնը՝ գաղթականի կարգավիճակ հայցողներ եւ 40 միլիոնը՝ ներքին վեաբնակներ: