Երեքշաբթի, 30. 09. 2025

spot_img

ՀՀ Նոր Խորհրդարանը Պիտի Ունենայ 132 Պատգամաւոր

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Հայաստանի Հանրապետութեան ԱԺ ընտրութիւններու նախնական արդիւնքներուն համաձայն, Հայաստանի նոր խորհրդարանը պիտի ունենայ 132 պատգամաւոր, մինչդեռ գործող խորհդրարանի պատգամաւորներուն թիւը 105 է:

Ըստ megainfo.am-ի՝ պատճառն այն է, որ «Իմ քայլը» ստացած է ձայներու աւելի քան 70 տոկոսը, մինչդեռ Ընտրական օրէնսգիրքը կը պահանջէ, որ Ազգային ժողովին մէջ  ընդդիմութիւնը չի կրնար 1/3-էն պակաս իրաւագիր ունենալ: Հետեւաբար, ԱԺ անցած միւս երկու ուժերը լրացուցիչ իրաւագրեր պիտի ստանան, մինչեւ անոնց ներկայութիւնը ԱԺ-ի մէջ  կազմէ 1/3:

Հաշուարկներուն իբրեւ արդիւնք կը պարզուի, որ «Իմ քայլը» դաշինքը կը ստանայ 84 իրաւագիր, նաեւ ըստ Տոնթի բանաձեւին՝ «Իմ քայլը» դաշինքին բաժին կը հասնին ազգային փոքրամասնութիւններուն հասնող 4 իրաւագրերը:

Այսպիսով «Իմ քայլը» դաշինքը ԱԺ-ի մէջ կ’ունենայ 88 իրաւագիր:

Ըստ նախնական հաշուարկի՝ ԱԺ անցած միւս երկու ուժերէն ԲՀԿ-ն պէտք է ունենար 10, իսկ «Լուսաւոր Հայաստան»-ը 7 իրաւագիր, սակայն անոնք պիտի ստանան լրացուցիչ իրաւագրեր:

Այսպիսով, ԱԺ-ի մէջ իրաւագրերը պիտի բաշխուին հետեւեալ ձեւով.

«Իմ քայլը» – 88 իրաւագիր

ԲՀԿ – 26 իրաւագիր

«Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւնը – 18 իրաւագիր:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին