Չորեքշաբթի, 18. 03. 2026

spot_img

Խաղաղութեան Նոպելեան Մրցանակը Յանձնուեցաւ Տենի Մուքուեկէին Եւ Նատիա Մուրատին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  2018 թուականի Խաղաղութեան նոպելեան մրցանակը Դեկտեմբեր 10ին Օսլոյի մէջ կայացած հանդիսաւոր արարողութեան յանձնուած է վիրաբոյժ Տենի Մուքուեկէին՝ Քոնկոյի Դեմոկրատական Հանրապետութենէն, եւ իրաքցի իրաւապաշտպան, Իսլամական պետութիւն ահաբեկչական խմբաւորման նախկին ստրկուհի Նատիա Մուրատին:

Արարողութիւնը տեղի ունեցած է Նորվեկիոյ կառավարութեան եւ թագաւորական ընտանիքի անդամներուն ներկայութեամբ, կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը: «Նորվեկիոյ նոպելեան կոմիտէն որոշում ընդունած է 2018 թուականի խաղաղութեան մրցանակը շնորհել Տենի Մուքուեկէին եւ Նատիա Մուրատին սեռական բռնութիւնը զինուած հակամարտութիւններու մէջ որպէս զէնք օգտագործելու դէմ իրենց գործադրած ջանքերուն համար»,- ընդգծած է կոմիտէի նախագահ Պերիթ Ռայս-Անտերսենը՝ ելոյթ ունենալով արարողութեան ժամանակ:

Այդ միջոցառումը Օսլոյի մէջ Խաղաղութեան օրերու բաղկացուցիչ մասն է, որոնք կը կայանան Դեկտեմբեր 5էն մինչեւ 12: Այդ ժամանակահատուածին մէջ Նորվեկիոյ մայրաքաղաքին մէջ կը կազմակերպուին ֆիլմերու ցուցադրութիւններ, սեմինարներ, որոնք կ’արծարծեն ահաբեկչութեան եւ պատերազմի թեմաները, աւանդական ջահերով երթը ի պատիւ դափնեկիրներու եւ Խաղաղութեան նոպելեան մրցանակի ժողովը, ուր գլխաւոր թեման կ’ըլլայ համաշխարհային կլիմայական ճգնաժամի լուծման հնարաւորութիւնը, հաղորդած է «ԹԱՍՍ»ը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին