Երեքշաբթի, 30. 09. 2025

spot_img

Աուն Հանդիպում Ունեցաւ Պըրրիի Եւ Հարիրիի Հետ Կառավարութեան Կազմաւորման Հարցի Լուծման Միտուած Նոր Նախաձեռնութեան Լոյսին Տակ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Նախագահ Միշէլ Աուն սկիզբ դրաւ բանակցութիւններու նոր փուլի մը, որ միտուած է հանգուցալուծելու կառավարութեան կազմաւորման մէջ առկայ փակուղին: Նշենք, որ նախագահը առանձին հանդիպումներ ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրիի եւ վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրիի հետ:
«Շատ ճնշում կայ իրավիճակին վրայ: Փաստօրէն իրավիճակը նոյնն է, տակաւին որեւէ նկատառելի յառաջընթաց չի նկատուիր: Երկիրը պէտք ունի վերջնականապէս դուրս գալու այս բաւիղէն»,- Պաապտայի պալատին մօտ աղբիւր մը յայտնեց «The Daily Star»ին:
«Նախագահի նոր նախաձեռնութիւնը միտուած է լուծում գտնելու կառավարութեան ճգնաժամին՝ այս առումով Ազգային ազատ հոսանքի առաջնորդ Ժպրան Պասիլի ձախողած ջանքերէն ետք»,- աւելցուց աղբիւրը:   

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին