Կիրակի, 08. 06. 2025

spot_img

ՄԱԿը Հաստատեց Գաղթի Մասին Համաձայնագիրը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  ՄԱԿի միջկառավարական խորհրդաժողովը աւելի քանի 150 երկիրներէ տարբեր մակարդակներու պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ Դեկտեմբեր 10ին Մարոքոյի Մարաքեշ քաղաքին մէջ հաստատած է Անվտանգութեան, կանոնակարգուած ու օրինական գաղթի համաշխարհային դաշնագիրը: Այդ մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, յայտնած է «ՌԻԱ Նովոսթի»ի թղթակիցը: 
«Ես առարկութիւններ չեմ տեսներ, փաստաթուղթը հաստատուած է»,- յայտարարած է Մարոքոյի արտաքին գործոց նախարար Նասեր Պուրիթան, որ կը նախագահէ խորհրդաժողովը: 
Փաստաթուղթը, որուն բնագիրը մշակուած էր ՄԱԿի անդամ բոլոր անդամ պետութիւններու վեցամսեայ քննարկումին ընթացքին, իրաւաբանօրէն պարտաւորեցնող չէ, այլ միայն համաշխարհային գործակցութեան ուղի կը բանայ այդ ոլորտին մէջ: Ինչպէս կը սպասուի, դաշնագիրը կը հաստատուի Դեկտեմբեր 19ին ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի նիստին:
ՄԱԿի տուեալներով՝ ներկայիս աշխարհի վրայ կայ 68 միլիոն հարկադիր վերաբնակ, որոնցմէ 25 միլիոնը գաղթականներ են, երեք միլիոնը՝ գաղթականի կարգավիճակ հայցողներ եւ 40 միլիոնը՝ ներքին վեաբնակներ:

 

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին