«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – 2018 թուականի Խաղաղութեան նոպելեան մրցանակը Դեկտեմբեր 10ին Օսլոյի մէջ կայացած հանդիսաւոր արարողութեան յանձնուած է վիրաբոյժ Տենի Մուքուեկէին՝ Քոնկոյի Դեմոկրատական Հանրապետութենէն, եւ իրաքցի իրաւապաշտպան, Իսլամական պետութիւն ահաբեկչական խմբաւորման նախկին ստրկուհի Նատիա Մուրատին:
Արարողութիւնը տեղի ունեցած է Նորվեկիոյ կառավարութեան եւ թագաւորական ընտանիքի անդամներուն ներկայութեամբ, կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը: «Նորվեկիոյ նոպելեան կոմիտէն որոշում ընդունած է 2018 թուականի խաղաղութեան մրցանակը շնորհել Տենի Մուքուեկէին եւ Նատիա Մուրատին սեռական բռնութիւնը զինուած հակամարտութիւններու մէջ որպէս զէնք օգտագործելու դէմ իրենց գործադրած ջանքերուն համար»,- ընդգծած է կոմիտէի նախագահ Պերիթ Ռայս-Անտերսենը՝ ելոյթ ունենալով արարողութեան ժամանակ:
Այդ միջոցառումը Օսլոյի մէջ Խաղաղութեան օրերու բաղկացուցիչ մասն է, որոնք կը կայանան Դեկտեմբեր 5էն մինչեւ 12: Այդ ժամանակահատուածին մէջ Նորվեկիոյ մայրաքաղաքին մէջ կը կազմակերպուին ֆիլմերու ցուցադրութիւններ, սեմինարներ, որոնք կ’արծարծեն ահաբեկչութեան եւ պատերազմի թեմաները, աւանդական ջահերով երթը ի պատիւ դափնեկիրներու եւ Խաղաղութեան նոպելեան մրցանակի ժողովը, ուր գլխաւոր թեման կ’ըլլայ համաշխարհային կլիմայական ճգնաժամի լուծման հնարաւորութիւնը, հաղորդած է «ԹԱՍՍ»ը:






